2015-09-30 12:24:00

Մամլոյ ասուլիս` ''Ֆրանչիսկոս Պապին Գաղթականներու եւ ապստանեալներու համաշխարհային օրուայ պատգամի ներկայացում'' ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի կ՝ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 17 յունուար 2016-ին նշուելիք Գաղթականներու ու ապստանեալներու համաշխարհային օրուայ առթիւ հրատարակած պատգամը, որուն բանաբնն  է ՝՝Գաղթականներն ու ապստանեալները մեզ կը հարցաքննեն։ Աւետարանի Ողորմութեան պատասխանը''։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին  ելոյթ կ՛ունենան գաղթականներու ու ապստանեալներու Քահանայապետական հովուական խնամակալութեան խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօ եւ խորհուրդի քարտուղար՝ գերապայծառ Ժոզէֆ Քալաթիբարամպիլ։

Պատգամը պիտի հրատարակուի 7 լեզուներով` Իտալերէն, Ֆրանչսերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն եւ լեհերէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.